Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մի մոթոռ վարողներու նորաստեղծ խումբի գործունէութիւն
- Κατηγορία ΠΟΛΙΤΙΚΗ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ մոթոռ վարողներու նորաստեղծ միութիւնը, Կիրակի 2 Հոկտեմբեր 2011-ին կազմակերպեց իր առաջին պտոյտը, դէպի Էփիտավրօ, մեծ յաջողութեամբ:
Կիրակի առաւօտ, ժամադրավայր ունենալով Էլէֆսինայի մայրուղիի մուտքը, Հ.Մ.Ը.Մ.ականները ճամբայ ելան դէպի Կորնթոս:
Միութեան անդամներէն գրեթէ 8 հոգի իրենց մեքենաները եռագոյն դրօշակներով զարդարած եւ ապահով զգեստներ հագուած, հասան Ալմիրի շրջանը, ուր կանգ առին հանգստանալու եւ սուրճ խմելու համար:
Քիչ ժամ հանգստանալէ ետք, շարունակեցին դէպի Էփիտավրօ, ուր եւ ճաշեցին ընկերային ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ:
Միութիւնը կը ծրագրէ ապագային կազամերպել ուրիշ հանդիպումներ եւ պտոյտներ:
Միութեան մասնակցիլ փափաքողները կրնան դիմել եղբ. Խաչիկ Սափրիչեանին՝ հեռձ. 6937199589:
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԳՈՔԻՆԻՈՅ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ