Հայ Երիտասարդներու հաւաքոյթ
- Κατηγορία ΠΟΛΙΤΙΚΗ
Յուլիս 6-ին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդականը Զաւարեան կեդրոնի դալար տանիքը կազմակերպեց cocktail party։ Այս երիտասարդական հաւաք-երեկոյին ելոյթ ունեցաւ եւ զուարճացուց մեր երիտասարդները Մամբրէ Գասարճեանի նուագախումբը՝ Bossa nova, Jazz եւ Samba եղանակներով ու երգերով ։
Զաւարեանի տանիքը լեցուեցաւ 115 երիտասարդներով, որոնք համտեսեցին զանազան խորտիկներ, եօթը տարբեր տեսակի cocktail-խմիչքներ, պատրաստուած կազմակերպողներուն կողմէ։ Վայրը զարդարուած էր պարզ, սակայն ամառուան բնոյթ ստացաւ լողաւազանով մը, որ յարգուեցաւ շատերէ…։ Երիտասարդները սկսան հաւաքուիլ իրիկուան ժամը 10։30էն ետք, իսկ նուագախումբը լման երկու ժամ իր երաժշտութեամբ թարմ ու աշխուժ պահեց բոլորին։
Կ՛արժէ նշել, թէ ներկաներուն մէջ երեւցան գաղութային նախաձեռնութիւններէ տարիներով դուրս մնացած կամ «կորսուած» երիտասարդներ, որոնք հետաքրքրուած այս իւրայատուկ հաւաքոյթէն, ներկայ գտնուեցան ու հաճոյք առին մեզմէ, մենք ալ իրենցմէ։ Հաւաքոյթը շատ լաւ ընթացաւ, հաճելի մթնոլորտի մէջ. հայ երիտասարդներ հաւաքուեցան մեր հայկական ակումբին տանիքը, մ իասնաբար զուարճացան, խօսակցեցան…։ Նպատակը իրագործուեցաւ։

Այս հաւաքը յաջողեցաւ, որովհետեւ Կեդրոնական Վարչութիւնն ու տեղւոյն «Փոթորիկ» խումբի վարչականներ եւ այլ անդամներ՝ համագործակցեցան։ Այս կը փաստէ, թէ համախմբային աշխատանքը եւ նոր գաղափարներու իրականացումը արդիւնք կու տան։ Ու կը մնայ հասկնանք, թէ յունահայ գաղութին ապագան իր երիտասարդութիւնն է, իր մտահոգութիւններով, իր ուրոյն գա- ղափարներով , որ հո՛ս է, եւ բացակայ չէ։
Πηγή: azador.gr