Մահազդ ՕՆՆԻԿ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆի
- Κατηγορία ΠΟΛΙΤΙΚΗ
Տիկին Սոնիա Խաչատուրեան,
տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Ռոզ Մարի Վարդեան
եւ զաւակները Ասատուր եւ Ռուբէն,
տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սիլվա Խաչիկեան
եւ զաւակը Մելգոն,
ինչպէս նաեւ համայն ազգականները եւ բարեկամները,
կը ծանուցանեն իրենց զաւկին, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր,
ազգականին եւ բարեկամին՝
ՕՆՆԻԿ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆի
մահը:
Յուղարկաւորութիւնն ու թաղման կարգը տեղի պիտի ունենան
Չորեքշաբթի 25 Յուլիս 2012ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ,
կէսօրուայ ժամը 15:30ին:
Հոգեսուրճ՝ եկեղեցւոյ սրահէն ներս: