Յոյն լուսանկարիչ Լէոնիտաս Թումպանոս Արցախի նուիրուած լուսանկարչական շարք մը իրագործեց
Սեպտեմբերի սկիզբէն եւ մօտ ամիս մը տեւողութեամբ, Արցախ այցելեց «Ազատ Օր»ի յոյն գործակից, լուսանկարիչ-լրագրող Լէոնիտաս Թումպանոս: Մեր ընթերցողները վստահաբար կը յիշեն Լէոնիտասի առաջին գործը՝ որ Պոլսոյ մէջ հայկական եւ յունական համայնքներու առօրեային նուիրուած շարք մըն էր, ուրկէ մաս մը լոյս տեսաւ մեր թերթի էջերուն մէջ, ինչպէս եւ յունական մամուլի եւ համացանցային կայքէջերու մէջ:
Լէոնիտաս Թումպանոսի Արցախ կատարած ճամբորդութիւնը յանգեցաւ վաւերագրական-գեղարուեստական ալպոմի մը պատրաստութեան, ուր տեղ գտած են բացի Ստեփանակերտէն եւ Շուշիէն՝ Արցախի հեռաւոր ամէնէն փոքրիկ գիւղերն անգամ, աշխատանքի վրայ գտնուող արցախցի գիւղացիները, ընտանիքներ ու մայրեր: Արցախի մեր հայրենակիցները իրենց հիւրասէր վարուելակերպով յաջողեցան գրաւել երիտասարդ լուսանկարիչի սիրտը, որ հմայուած է Արցախի գեղեցկութենէն եւ ժողովուրդի յատկանիշներէն: Ան երկար կը պատմէ Արցախի մէջ իր ունեցած փորձառութեան մասին, որ յանգեցաւ իւրայատուկ աշխատանքի մը, որը արդէն սկսած է տրամադրուիլ յունական եւ բրիտանական մամուլին:
Արցախի մեր հայրենակիցները իրենց սրտերը եւ բնակարանները լայնօրէն բացին Լէոնիտասի ոսպնեակին առջեւ, որ դիմանկարներու ընդմէջէն իւրաքանչիւրին պատմութիւնը կը պատմէ, արուեստագէտի բարձր որակով եւ երիտասարդի զգայուն աչքով:
Արցախի մեր հայրենակիցները իրենց սրտերը եւ բնակարանները լայնօրէն բացին Լէոնիտասի ոսպնեակին առջեւ, որ դիմանկարներու ընդմէջէն իւրաքանչիւրին պատմութիւնը կը պատմէ, արուեստագէտի բարձր որակով եւ երիտասարդի զգայուն աչքով:
Πηγή: azator.gr