Menu

ՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՏԷՐ ՎԱՐԱԳ ԱՒԱԳ ՔՀՆՅ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆԻ

Շաբաթ 16 Յունիսի առաւօտեան ժամը 5։00ին, Գոքինիոյ հոգեւոր հայր Տ. Վարագ Աւագ քհնյ. Յովսէփեան իր հոգին յանձնեց Երկնաւոր հօր ձեռքերուն մէջ, սրտի կաթուածի հետեւանքով։

Վախճանման գոյժը ցնցիչ էր բոլորին համար։ Յունահայութեան երիցագոյն հոգեւոր հայր Տ. Վարագ Աւագ քահանան բազմաշնորհ վաստակի տէր հայ հոգեւորական մըն էր, որ աշխուժ գործունէութիւն ծաւալեց նախ իր ծուխի եւ հայ եկեղեցւոյ որպէս ծառայ, այլ նաեւ մշտարթուն ներկայութիւն հանդիսանալով մեր գաղութի բոլոր միութիւններուն կողքին։
Աւազանի անունով Սարգիս Յովսէփեան ծնած էր 15 Փետրուար 1946ին, Հալէպի մէջ։ Ան իր ուսումը ստացած էր Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ՝ ըմբոշխնելով հոգեւորական ու մտաւորական ջերմ մթնոլորտը։ Իր ընտանիքը կարճ ժամանակով Գանատա փոխադրուելէ ետք, 1962ին կը հաստատուէր Ֆրանսա, Վալանս։
1973ին Տէր Վարագ կը հասնէր Յունաստան, ապա 1974ին Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Սահակ արք. Այվազեանի ձեռամբ կը ձեռնադրուէր քահանայ, ստանձնելով Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովուութիւնը։ Ան ամուսնացած էր Փիրէայէն Լուսի Սանթուրեանի հետ եւ բախտաւորուած մանչ զաւակով մը՝ Համբիկը։
Սրբազան հօր եւ կրօնական ժողովի որոշումով, 1996ին կը փոխադրուէր Գոքինիոյ շրջանը, ուր կը ստանձնէր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովուութիւնը, շարունակաբար ծառայելով շրջանի եւ շրջակայքի հայութեան հոգեւոր կարիքներուն։
Տէր Վարագ իր հոգեւոր ծառայութեան կողքին ստանձնեց Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետի, ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութեան քարտուղարի պաշտօնը։ Որպէս Կրօնական ժողովի անդամ եւ թեմական պատգամաւոր մօտէն հետեւեցաւ Յունահայոց ազգային-հոգեւոր գործունէութեան:

Եռանդով ու խանդավառութեամբ մօտ գտնուեցաւ երիտասարդութեան, անպակաս ներկայութիւն դառնալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքներուն, ինչպէս եւ Համազգայինի Շըրջանային Վարչութեան մօտ ծառայելով, որպէս ատենադպիր։ Վախճանեալ քահանայ հայրը իր հոգեւոր եւ վարչական շնորհքները այս ձեւով ի սպաս դրաւ յունահայ գաղութին եւ մանաւանդ իր  ծուխը կազմող հայ ընտանիքներուն մօտ։
Նոյն բարեխղճութեամբ եւ գութով յաճախակի այցելու մըն էր հայկական ծերանոց, ուր  ուշագրաւ իր խօսակցութեամբ հետաքրքրուող զրուցակից մը դարձած էր երէց պատսպարեալներուն մօտ:
Տէր հօր ընկերային եւ գուրգուրոտ կեցուածքը նոյնպէս զգալի էր Գոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանի աշակերտութեան, ինչպէս եւ Հ. Կ. Խաչի անդամուհիներուն մօտ: Գոքինիոյ Համազգայինի վարչութեան հետ համագործակցաբար՝ Ս. Յակոբ եկեղեցիէն ներս դասախօսական շարք մը իրագոր- ծեց, հայ շարականներու վերլուծումով եւ կրօնական հետաքրքրական դասախօսութիւններով: Ան ոգեշունչ իր քարոզներով ներշնչման աղբիւր դարձաւ հաւատացեալներուն համար:
Հայ գիրի հանդէպ իր սէրը զինք կÿառաջնորդէր յանդուգն նախաձեռնութիւններու, որ կը վայելէին իր շրջանակի քաջալերանքն ու օգնութիւնը: Այսպէս Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Մատենաշարի մը հրատարակման ձեռնարկեց՝ «Ճանչնանք հայ եկեղեցին, իր ծագման եւ զարգացման ընդմէջէն»,

«Աղօթագիրք» եւ այլ նիւթերով: Իւրայատուկ էր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ  70ամեակին առիթով հրատարակուած շատ խնամուած ու գեղեցիկ գրքոյկը, ճոխ բովանդակութեամբ եւ Կելիպոլուի սպասներու նկարագրումով, ինչպէս եւ պսակի արարողութեան յունարէնի թարգմանութիւնը:

Ազգային զօրաւոր շունչով տոգորուած եւ հրաշալի գրիչով նաեւ օժտուած Տէր Վարագ Ա. քհնյ. հայրը, հոգեւոր իր ծառայութեան առընթեր եռանդուն աշխատող մը եղաւ նաեւ մամլոյ դաշտէն ներս։ Տարիներով ծառայեց «Ազատ Օր»ին, որպէս աշխատակից, յօդուածագիր, սրբագրիչ, թղթակից։ Ան նոյնիսկ ամառուան արձակուրդներուն առիթով, խմբագրատուն կþայցելէր, ժամեր տրամադրելով թերթի աշխատանքներուն, որպէսզի թեթեւ շունչ մը տայ ամէնօրեայ աշխատանքի հեւքին։ Սիրելով ըրաւ այս գործը, ինչպէս սիրելով շարունակեց միշտ մեր կողքին գտնուիլ, իր յորդորներով ու թելադրանքներով։ Հոգեւոր եւ ազգային նիւթեր շօշափող իր գրութիւնները պերճախօս վկայութիւնն էին քրիստոնէական իր հաւատքին եւ ազգային ոգիին ու հայրենասիրութեան։ Մամլոյ արժանաւոր այս ծառան, մեծ պաշարի տէր անձնաւորութիւն մըն էր, որ յատուկ գուրգուրանք ունէր մայրենի լեզուի հանդէպ։ Կրնանք անվերապահօրէն հաստատել, թէ մարդկային հաւաքականութեան մէջ հայ գիրի եւ դպրութեան ասպետ  մըն էր Տէր Վարագը, որ իր ինքնուրոյն արժէքներուն կողքին, հայ մամուլի եւ հայերէն լեզուի նուիրեալ մըն էր։
Նոյն զգայնութեամբ ան հայապահպանումի եւ հայութեան գոյապայքարի կռուան նկատեց մարզական եւ մշակութային մեր միութիւնները, որոնց կողքին անխոնջ ներկայութիւն եւ բծախնդիր վարչական դարձաւ։
Մեծ է իր կորուստը մեր գաղութին համար, որ յարգանքի զգացումներով պիտի պահէ իր յիշատակը՝ որպէս առաջնորդող լոյս յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին:

 

 

Source: azador.gr

Διαβάστε περισσότερα...
Συνδρομή σε αυτήν την τροφοδοσία RSS

Στον διαδικτυακό τόπο μας χρησιμοποιούμε Cookies με σκοπό τη βελτίωση της online εμπειρίας σας. Επιλέγοντας να συνεχίσετε την περιήγησή σας σε αυτόν, αποδέχεστε αυτομάτως τη χρήση των cookies. Περισσότερα...

Πολιτική Απορρήτου - Όροι Χρήσης - Περιορισμός Ευθύνης - Επικοινωνία Σχετικά με Προσωπικά Δεδομένα
Αποδέχομαι