Menu

1821 Մարտ 25 (Տարեդարձ Յունաստանի անկախութեան)

Ոեւէ ժողովուրդի ազատութեան պայքարները այնքան արկածախնդրական ու արիւնոտ եղած չեն, որքան յոյներունը։
Քաջարի այս ժողովուրդը, դարեր շարունակ ոտնակոխուեցաւ, քայքայուեցաւ եւ սակայն հայրենիքի ազատութեան ու անկախութեան հաւատքը երբեք չկորսնցուց։

Յոյն ազգային բանաստեղծ Վալաորիթիս կ'ըսէր. «յոյնը կրնայ ամէն բան ըլլալ, բայց ոչ գերի»։ Իսկ ակադեմիկոս Սբիրոս Մելաս յոյներու 1821 Մարտ 25-ի ազատամարտին նուիրած իր մէկ գրքի մէջ կը գրէ. «մի կապտէք յոյներու ազատութիւնը, յարգեցէք անոնց անկախութիւնը ու պիտի տեսնէք թէ ձեր հաւատարիմ բարեկամները պիտի ըլլան»։
Անքաքտելի է յոյն ժողովուրդի ազատութեան իտէալը։ Այսպէս էր երէկ, այսպէս է նաեւ այսօր։
Արդարեւ 1460 տարիներ թուրքին տիրապետութեան տակ տառապելէ ետք, 1821 Մարտ 25 Կիրակի առաւօտուն, Պեղոպոնէզի  Այիա Լաւրա վանքին մէջ, ազատատենչ արքեպիսկոպոս Փալէոն Փաթրոն Երմանոս, յոյներու ապստամբութեան դրօշը կ'օրհնէր։
Փալէոն Փաթրոն Երմանոս 1815-էն սկսեալ կարողացած էր գաղտնօրէն համախմբել ու մարզել թուրքին լուծէն հայրենիքը ազատագրել վճռող մարտունակ երիտասարդներու փաղանք մը։
Թրիփոլիցայի մէջ երբ յոյները իրենց ռազմամթերքը կը հաշւարկէին, անդին յոյներու յեղափոխութեան ազդանշանը հաղորդող Փալէոն Փաթրոն Երմանոս, իր փաղանքով դուրս քշելով թուրքերը՝ կ'ազատագրէր Փաթրաս քաղաքը։
Փեթրօ Մաւրողէնիի եւ Թէոտորօ Քոլոքոթրոնիսի ղեկավարութեամբ կռուողները պեղոպոնէսցիներ  էին։
Երբ Փալէոն Փաթրոն Երմանոս Փաթրաս քաղաքը կ'ազատագրէր, անդին Թէոտորոս Քոլոքոթրոնիսը ազատագրելով Քալամաթան, օրէնսդիր մարմին մը կազմելով Եւրոպայի արքունիքներէ օգնութիւն կþաղերսէր։
Պեղոպոնէզէն ներս յոյներու արձանագրած յաղթանակներու հետեւանքով, թուրքերու դէպի Նաֆփլիօ եւ Կորնթոս փախուստի ջանքերուն, Քոլոքոթրոնիսը կը կարողանար կասեցնել անոնց փախուստը ու սրէ անցնել զանոնք։ Յոյները պաշարելով թուրքերու դիրքերը արգելք կը հանդիսանային անոնց որպէսզի երկրի հիւսիսային մասերուն մէջ գտնուող իրենց միաւորներէն օգնութիւն չսպասեն։
Հետզհետէ Լիվատիայի, Ատտիկէի, Իփիրոսի ու նաեւ յունական արշիպելակոսի՝ Հիտրա, Փսարա եւ Սփեցէս կղզիներու յոյն բնակիչներն ալ կը միանային ապստամբող իրենց հայրենակիցներուն, բացի Ռոտոս, Միթիլլի եւ Խիոս կղզիներէն, ուր թուրքերը  հասած էին  բնակիչները ոչնչացնելու։
Երբ  թուրք ծովակալը կ'իմանայ յոյներու ապստամբութիւնը՝  թրքական նաւերու վրայ աշխատող յոյն նաւաստիները սպաննել կը ջանայ։
Թուրքերու կողմէ սպաննուած մեծահարուստ նաւապետի մարմինը Սփեցէս կղզիի բնակիչ Պուպուլինան իր միջոցներով երեք ռազմանաւեր կառուցելով կը ստանձնէ անոնց ղեկավարութիւնը։
Մանկամարդ  ուրիշ հերոսուհի մը Մանտօ Մավրողէնուս,  թրքական նաւատորմի դէմ մարտնչող յունական նաւատորմիղի անխոնջ օգնականը կը դառնայ։
1821 Մայիսին, յոյներու յաղթական նաւատորմը կը բաղկանար 176 ռազմանաւերէ։
Ցամաքի եւ ծովու վրայ, թրքական վայրագ զօրախումբերու դէմ յոյները քաջաբար կռուելէ ետք կը յաջողին տիրանալ իրենց ազատութեան ու  դառնալ անկախ պետականութիւն։
Քաղաքակիրթ կոչուած Եւրոպան, անհաշտ կերպով կը հետեւէր յոյներու թուրքերու դէմ տարած ազատագրական պայքարներուն։ Ամիսներ շարունակ Ռուսիա, Անգլիա եւ Ֆրանսա անտարբեր ու դիտողի ընթացքի մէջ կը մնային, իսկ Աւստրիան կը հակառակէր յոյներու յեղափոխական ջանքերուն։
Սակայն մտաւորականներ լորտ Պայրըն, Վիկտոր Հիւկօ եւ Շաթոպրիան  յոյներու նկատմամբ իրենց  գնահատական քերթուածներով կը ջանային ուշքի բերել Եւրոպայի ժողովուրդները։

 

 

Πηγή: azador.gr

Περισσότερα σε αυτή την κατηγορία: « Ανουσαμπούρ Λεχματζούν »

Προσθήκη σχολίου

Βεβαιωθείτε ότι εισάγετε τις (*) απαιτούμενες πληροφορίες, όπου ενδείκνυται. Ο κώδικας HTML δεν επιτρέπεται.

επιστροφή στην κορυφή

Στον διαδικτυακό τόπο μας χρησιμοποιούμε Cookies με σκοπό τη βελτίωση της online εμπειρίας σας. Επιλέγοντας να συνεχίσετε την περιήγησή σας σε αυτόν, αποδέχεστε αυτομάτως τη χρήση των cookies. Περισσότερα...

Πολιτική Απορρήτου - Όροι Χρήσης - Περιορισμός Ευθύνης - Επικοινωνία Σχετικά με Προσωπικά Δεδομένα
Αποδέχομαι