Յունաստանի Special Olympics մարզախաղերուն մասնակցած Հայաստանի մարզիկները փայլուն յաջողութիւն արձանագրեցին
- Κατηγορία ΠΟΛΙΤΙΚΗ
Հայաստանի խումբը փայլուն յաջողութիւն արձանագրեց, նուաճելով երկու ոսկի, երեք արծաթ եւ երկու պրոնզէ մետալներ: Մասնաւորապէս, Սուրէն Բալասանեանը մէկ ոսկի եւ մէկ պրոնզէ մետալի արժանացաւ աթլեթիքսի տարբեր մրցաձեւերուն մէջ, Տիգրան Գէորգեանը մէկ ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալ նուաճեց լողի երկու մրցաձեւերու մէջ, Նոնա Արոյեանը մէկ արծաթ մետալի տիրացաւ լողի մէջ, իսկ Սպարտակ Յակոբեանը մէկ արծաթ եւ մէկ պրոնզ մետալ նուաճեց աթլեթիքսի մէջ։
Հայ մարզիկներուն եւ անոնց ուղեկցող պատուիրակութեան անդամներուն հետ կապի մէջ մտան գաղութի միութիւնները, յատկապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութիւնը, որու դասաւորումով այցելութիւն մըն ալ կազմակերպուեցաւ Սալամինայի սկաուտական բանակավայրէն ներս, ուր մարզիկները առիթը ունեցան շփուելու հայ պատանի սկաուտներուն եւ պատասխանատու ՀՄԸՄական քոյր-եղբայրներուն հետ։
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ դեսպանութիւնը, Յունաստան գտնուած օրերուն ընթացքին, հայ մարզիկները ջերմ ընդունելութեան արժանացան Գավալա քաղաքի հայ համայնքին կողմէ եւ մասնակցեցան «Արարատ» մարզամշակութային միութեան կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան։
Πηγή: azator.gr