Logo
Εκτύπωση αυτής της σελίδας

Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի 16 Փետրուար 2012-ին, Վարդանանց ազգային տօնին առիթով Նէոս Գոզմոսի եւ Գոքինիոյ մեր եկեղեցիներուն մէջ պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ։

Նէոս Գոզմոսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան։
Սկիզբ Ս. Պատարագի ժամը 8։30-ին։
Ներկայ պիտի գտնուին «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» ազգ. վարժարանի եւ «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» միջնակարգի աշակերտութիւնը։
Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ արժ. Տ. Վարագ Աւագ քհնյ. Յովսէփեան։
Սկիզբ Ս. Պատարագի ժամը 8։30-ին։
Ներկայ պիտի գտնուի «Զաւարեան» ազգ. վարժարանի աշակերտութիւնը։

Այսու կոչ կ'ուղղենք մեր ժողովուրդին ներկայ գտնուելու վերոյիշեալ տօնի սրբազան արարողութեան եւ ներշնչուելու օրուայ խորհուրդով։

 

Πηγή: azator.gr

Armenian Portal ©