Logo
Εκτύπωση αυτής της σελίδας

ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՆՈՐ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդը կը յայտարարէ թէ բոլոր մոկլիներուն, գայլիկ-արծուիկներուն, արի-արենուշներուն, երէց-պարմանուհիներուն, սկաուտական նոր տարեշրջանը բացուած է եւ իրենց կը սպասէ նոր գիտելիքներով ու
խաղերով։ Հաւաքոյթները կը սկսին այս շաբաթավերջին.-

Գոքինիոյ մասնաճիւղ - Շաբաթ 20 Հոկտեմբեր «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս երեկոյեան ժամը 17։00-ին։

Աթէնքի մասնաճիւղ.- Կիրակի 21 Հոկտեմբեր առաւօտեան ժամը 11։00-ին։

Կը խնդրուի բոլոր քոյրերէն եւ եղբայրներէն որ ներկայ ըլլան իրենց լրիւ տարազներով։ Քոյրերը եւ եղբայրները որոնք տարազի կարիքը ունին կրնան դիմել մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդներուն։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Armenian Portal ©