Logo
Εκτύπωση αυτής της σελίδας

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ սկաուտական տողանցք

Կիրակի Հոկտեմբեր 28-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ սկաուտական մասնաճիւղը անգամ մը եւս մասնակցեցաւ Յունաստանի ազգային տօնին՝ Հոկտեմբեր 28-ի առիթով Նիքէայի քաղաքապետարանի կողմէ կազմակերպուած տօնակատարութեան, դափնեպսակի զետեղման եւ տողանցքին։
Նախորդ տարիներու նման այս տարուան տողանցքն ալ կատարուեցաւ Նիքէայի Օսիա Քսենիի կեդրոնական պողոտային վրայ։ Սոյն տողանցքին Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղը մասնակցեցաւ լրիւ կազմով, սկսելով Մոկլի-գայլիկ վոհմակներէն, հասնելով սկաուտներ, երէցներ, աստիճանաւորներ, թմբկահարներ եւ սկաուտական խորհուրդի քոյրերու հետ ընդհանուր թիւ 80 հոգիի։
Տողանցքէն առաջ տեղի ունեցաւ դափնեպսակներու զետեղում, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ի անունով պսակ զետեղեց Շրջանային սկատուական ճիւղի խմբապետ եղբ. Սերգօ Մովսէսեանը։
Տողանցքէն անմիջապէս վերջ  լրիւ սկաուտական կազմը հասաւ «Զաւարեան»ի դաշտը, ուր շարուեցան խմբաւորումները եւ կատարուեցաւ դրօշակներու մուտքը, ծնողներու եւ հայրենակիցներու ներկայութեան։
Օրուայ պատգամը բոլոր ներկաներուն փոխանցեց մասնաճիւղի խմբապետ Գրիգոր Չագմագճեան։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ վարչութեան ատենապետուհին՝ քոյր Ռիթա Յակոբեան իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց բոլոր սկաուտական մասնաճիւղը, իր ներկայութեան համար։ Նոյնպէս խօսք տրուեցաւ Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետ՝   եղբ. Յարութիւն Մանուկեանին. ան ոգեւորիչ խօսքերով արտայայտուեցաւ  եւ  բարի տարեշրջան մաղթեց բոլոր մեր անդամներուն: Ինչպէս նախորդ խօսողները ինք եւս շնորհաւորեց բոլոր աստիճանաւորական կազմը, որ կարողացաւ այդքան արագ՝ 10 օրուայ մէջ  հաւաքել անդամները եւ տողանցել 80 հոգիի ուժով։
Դրօշակներու ելքով եւ խումբերու կանչերով  փակուեցաւ օրուայ մեր պարտականութիւնը։
Վարձքը կատար բոլորին։
Source: azador.gr
Armenian Portal ©