Menu

35.000 եւրօ

Երեսունըհինգ հազար եւրոն նկատառելի գումար է եթէ նուիրողը անհատ անձ մըն է: Միեւնոյն գումարը չնչին կարելի է համարել, եթէ Յունաստանի հայութեան նման բազմամարդ համայնքի մը մէջ կատարուած հանգանակութեան արդիւնքն է:
Սակայն...


Կան բազմաթիւ ‘’սակայն’’ներ, որոնք կրնան արդարացնել այդ արդիւնքը՝ եթէ նկատի առնուի երկրի   տնտեսական ճգնաժամը, որու հետեւանքներէն  անմասն չեն մնար անշուշտ մեր հայրենակիցներն ալ: Փաստօրէն, 1950ական թուականներէն ետք հելլէն ժողովուրդը նման ծանր տագնապի չէր մատնուած երբեք: Համատարած անգործութիւն, հանգստեան թոշակներու ու աշխատավարձերու կրճատում, աշխատաւոր դասակարգի տուրքերու բազմապատկում, խանութներու փակում ու անհեռանկար ապագայ - գէթ յառաջիկայ տասնամեակին համար - ահա մէկ մասը միայն այն ահեղ կացութեան զոր այսօր կը դիմագրաւէ երկիրը:
Ինքը համայնքը, ճգնաժամի պատճառաւ ծանրօրէն տուժողներէն է: Երկու տարիէ ի վեր պետական օժանդակութիւնները սահմանափակուած են, իսկ յատկապէս հայ ուսուցիչներու վճարումները աննախադէպ յապաղումի ենթակայ: Պարագայ մը որ լրջօրէն կրնայ վտանգել մեր վարժարաններու գոյատեւումը, նա մանաւանդ եթէ նկատի առնուի թէ ազգային կալուածներէ գանձուող վարձքերն ալ գրեթէ չքացած են:
Նման պայմաններու ներքեւ դիմել ժողովուրդին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան հանգանակութեան  մասնակցելու կոչով՝ յանդգնութենէ աւելին կը պահանջէ: Յունահայ հայրենակցի նուիրաբերման ոգիի նկատմամբ անվերապահ վստահութիւն կը պահանջէ: Այն հայրենակիցին՝ որ ցեղասպանութեան յաջորդող նեղ օրերուն իսկ, երբ ինք պանդուխտ էր, անօթի ու անօթեւան,  եկեղեցիներ, վարժարաններ ու ակումբներ կառուցեց, իսկ բարեկեցութեան շրջանին ամուր կառչած մնաց մեր ազգային արժէքներուն՝ գործով եւ ոչ թէ խօսքով:
Վստահութիւն մը որը արդարացաւ հանգանակութեան արդիւնքէն:
Հազարաւոր հայրենակիցներ իրենց լուման չի զլացան, երբ հիմնադրամի երիտասարդ կամաւոր աշխատակիցները հեռաձայնեցին իրենց՝ ապահովելու համար փոքր կամ քիչ մը աւելի մեծ մասնակցութիւն մը հեռուստամարաթոնին: Որովհետեւ  գումարին չափը չէր կարեւորը, այլ նոյնինքն մասնակցութիւնը: Վերջին հաշուով ո՛չ Հայաստանը եւ ո՛չ ալ Արցախը կրնան փրկուիլ քանի մը հազար եւրոյով: Հաւանաբար, սակայն, Արցախի Քարինտակ գիւղի բնակիչները, երբեք չմոռնան թէ հեռաւոր Յունաստանի իրենց ազգակիցներու լումայով եւս հնարաւոր դարձած է իրականացնել հայրենի գիւղի ջրամատակարարման ծրագիրը: Թէ Յունահայերու սրտին եւս խօսած է հիմնադրամի վարիչներուն «Ջուր տուր, կեանք պարգեւէ» պատգամը: Չէ՞ որ անցեալ տար-ւայ հանգանակութեան գումարներով նոր անկողին ապահոված մեր որբուկները տակաւին կը յիշեն թէ այդ մէկը կարելի եղած էր շնորհիւ Յունահայութեան: 
Գալով անհատ նուիրատուին՝ իրեն համար կարեւորը հայրենիքին հետ հոգեկան կապ պահելու մարմաջն է: Այն եզակի զգացումը թէ հոն ազատ ու անկախ հայկական պետականութիւններ գոյութիւն ունին, Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւնները, որոնք իրեն եւս կը պատկանին եւ որոնց ստեղծման համար իր նախահայրերէն սկսեալ,  մինչեւ իր իսկ եղբայրներն ու քոյրերը – տակաւին երէկ – ծով արիւն  թափեցին՝ Շուշի ազատագրելու ու Լաչին փրկելու վճռակամութեամբ: Այն համոզումը՝ թէ հոն ազատ ու անկախ մեր երկրին մէջ սերունդ կը պատրաստուի, որը կոչուած է հայկական մշակոյթը ապրեցնելու ու առաւել եւս ճառագայթեցնելու: Այն բացառիկ ապրումը՝ թէ ինքն ալ անբաժանելի մէկ մասնիկն է հայ ժողովուրդին ու համեստ մասնակիցը լուսաւոր ապագայի մը կերտման հաւաքական ճիգին: 
Ի՞նչ փոյթ եթէ կան յոռի ու խիստ դատապարտելի երեւոյթներ հայրենիքին մէջ: Սփիւռքահայը չ’անտեսեր այդ բոլորը: Սակայն քննադատելու ու նոյնիսկ պայքարելու համար այդ յոռի երեւոյթներուն դէմ՝ պէտք է որ նախ ինք իրեն համար այդ ուղղութեամբ բարոյական հիմք ապահոված ըլլայ, մասնակցելով հայրենակերտման սուրբ աշխատանքին: Այլապէս, սոսկ քննադատութիւնը՝ պոռոտախօսութենէ ու ձրի հայրենասիրութենէ աւելի չի կրնար նկատուիլ:
Հայրենիքը թանկագին է: Ու հայրենիքին համար արցունքոտ աչքերով, օգնութեան - թէկուզ տկար - ձեռք երկարող մեր ազգակիցները, անոր իսկական թանկագին զաւակները:


 

Πηγή: azador.gr

Προσθήκη σχολίου

Βεβαιωθείτε ότι εισάγετε τις (*) απαιτούμενες πληροφορίες, όπου ενδείκνυται. Ο κώδικας HTML δεν επιτρέπεται.

επιστροφή στην κορυφή

Στον διαδικτυακό τόπο μας χρησιμοποιούμε Cookies με σκοπό τη βελτίωση της online εμπειρίας σας. Επιλέγοντας να συνεχίσετε την περιήγησή σας σε αυτόν, αποδέχεστε αυτομάτως τη χρήση των cookies. Περισσότερα...

Πολιτική Απορρήτου - Όροι Χρήσης - Περιορισμός Ευθύνης - Επικοινωνία Σχετικά με Προσωπικά Δεδομένα
Αποδέχομαι