ՀԱՅ ԿԱՊՈՅՏ ԽԱՉԻ ԸՆԿԵՐՈՒՀԻՆԵՐՈՒ ԵԼՈՅԹ՝ ՀԵՌԱՏԵՍԻԼԻ MEGA ԿԱՅԱՆԷՆ
Հինգշաբթի 5 Ապրիլի առաւօտեան ժամը 10ին MEGA կայանի Լիակաս - Սքորտա լրագրական զոյգի «Թօ Փրոյինօ մու» յայտագրէն, ելոյթ պիտի ունենան Հայ Կապոյտ Խաչի ընկերուհիներ, որոնք պիտի խօսին «Սիրոյ պազար»ի եւ հայկական ճաշերու պատրաստութեան մասին:
Ամէն տարի պազարի նախօրեակին իրականացող քարոզչական կարեւոր այս ձեռնարկը շատ մեծ արձագանգում կÿունենայ յունական շրջանակներուն մօտ: Այս տարի ներկայացումը պիտի կատարեն ընկերուհիներ Մերի Ծերոնեան եւ Ճուլիա Ճանիկեան:
Πηγή: azador.gr