Logo
Εκτύπωση αυτής της σελίδας

Եկէք Փրկենք Մեր Դպրոցները. Յունաստանի «Ֆոնեթոն 2012»ին Հաւաքուեցաւ Աւելի Քան 80 Հազար Եուրօ

Յունաստանի հայ համայնքը Մարտ 18-ին՝ օգտագործելով CAP ընկերութեան սարքաւորումներ, իրականացուց իր ծրագրած Ֆոնեթոն 2012-ը, որ տեւեց 12 ժամ՝ առաւօտեան ժամը 10:00էն մինչեւ գիշերուան ժամը 22:00։ «Եկէք փրկենք մեր դպրոցները» կարգախօսով իրականացուած Ֆոնեթոնի կամաւոր խմբակները հեռաձայնեցին համայնքի հայրենակիցներու բնակարաններ, խնդրելով իրենց նուիրատուութեան խոստումը:

Ֆոնեթոն 2012-ին հաւաքուեցաւ 80 հազար եուրօ։ Այս իրագործումը շատ կարեւոր էր Յունստանի հայկական դպրոցներուն համար, որովհետեւ ինչպէս Tert.am-ին կը յայտնէ համայնքի տէրհայր՝ Տէր Նարեկ Շահինեան,- «երկրի տնտեսական ճգնաժամի պատճառով, երկրորդ տարին է, որ տեղի հայկական դպրոցները պետական օժանդակոմթիւն չեն ստանար եւ այդ մէկը լուրջ դժուարութիւններ ստեղծած է դպրոցներուն համար»։

Տէր Նարեկը յոյս յայտնեց նաեւ, որ մինչեւ ամսուան վերջը, հաւաքուած գումարը կը հասնի 100 հազար եւրոյի, ինչը զգալի չափով կը լուծէ դպրոցի նիւթական դժուարութիւններէն յառաջացած խնդիրները։

Source: hayernaysor.am
Armenian Portal ©