Logo
Εκτύπωση αυτής της σελίδας

iPad-ով Հայերէն Սորվելու Համար

ԾՐԱԳԻՐԸ ՈՒՆԻ ԵՐԵՔ ԲԱԺԻՆ՝ ԿԱՐԴԱԼ-ԳՐԵԼ ՍՈՐՎԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Zyabs ստեղծագործական խումբը՝ ձեւաւորող Դաւիթ Մարգարեանի եւ Սամուէլ Յովհաննիսեանի մտայղացումով, «Learn Armenian» («Սորվէ՛ հայերէն») անունով համալիր ծրագիր մը ստեղծած է iPad-ի համար.

ծրագիրին միջոցով կարելի է սորվիլ հայոց Այբուբենի տառերը, ինչպէս նաեւ՝ աւելի քան 230 բառ եւ 38 բանաստեղծութիւն:
Ծրագիրը ունի 3 բաժին: Առաջինը տարողունակ է: Անոր օգնութեամբ կարելի է սորվիլ, կարդալ, գրել եւ արտասանել հայոց Այբուբենի տառերը, ինչպէս նաեւ՝ սորվիլ 230 բառ եւ 38 բանաստեղծութիւն: Մուտք գործելով որեւէ տառի ենթաբաժին՝ կարելի է տեսնել, լսել տուեալ տառն ու համապատասխան առարկայի նկարազարդումը, նաեւ գրել կամ նկարել տուեալ տառը, սորվիլ 5 բառ, որոնք կ՛օգնեն զարգացնելու տուեալ տառը լսելու ու արտասանելու հմտութիւնները: Հոն կարելի է նաեւ լսել ու կարդալ իւրաքանչիւր տառի ու բառի համապատասխան բանաստեղծութիւն:
Ծրագիրի վերջին երկու բաժինները աւելի պարզ են՝ նախատեսուած տառերը, կենդանիներու ու առարկաներու նկարները թերթելով:
Մասնագէտները յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են նաեւ նկարներու ձեւաւորման՝ ստեղծելով գունեղ կերպարներ:
«Learn Armenian»ը իր համարժէքը չունեցող ուսուցողական համալիր ծրագիր մըն է, որ երեխային կ՛օգնէ հեշտութեամբ իւրացնելու հայոց Այբուբենի տառերը եւ լաւ հիմք կը հանդիսանայ ճիշդ լեզուամտածողութեան համար», կը յայտնէ Սամուէլ Յովհաննիսեան:

 

Source: azador.gr

Armenian Portal ©